Պաղեստինեան «Համաս» շարժման ռազմական թեւը՝ «Ալ Քասսամ» ջոկատը, 150 հրթիռ արձակած է Թել Աւիւի ուղղութեամբ՝ ի պատասխան Կազայի հատուածին մէջ շէնքի գնդակոծման, ըսուած է ստորաբաժանման յայտարարութեան մէջ։
«Ի պատասխան Կազայի կեդրոնը գտնուող բնակելի աշտարակին վրայ յարձակման՝ «Ալ Քասսամ» ջոկատը այժմ խոշոր հրթիռային հարուած կը հասցնէ Թել Աւիւի ուղղութեամբ արձակելով 150 արկ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Իսրայէլը յայտնած է առնուազն 7 տուժածի մասին։