image
Հրատապ լուրեր:

Համապարփակ զեկոյցը կը բացայայտէ Թուրքիոյ լոպիինկի ամբողջական ձախողութիւնը Ուաշինկթընի մէջ

Համապարփակ զեկոյցը կը բացայայտէ Թուրքիոյ լոպիինկի ամբողջական ձախողութիւնը Ուաշինկթընի մէջ

Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ յօդուածներ գրած եմ՝ նկարագրելով գործունէութիւնը ամերիկեան լոպիիստական այն ընկերութիւններուն, զորս միլիոնաւոր տոլարներով վարձած են Թուրքիա եւ Ատրպէյճան։ Բարեբախտաբար, այս երկիրները որքան որ ալ դրամ ծախսեն լոպիիստական գործունէութեան վրայ, չեն կրնար  թաքցնել իրենց ծաւալապաշտական եւ ոչ ժողովրդավարական գործունէութիւնները։ Էրտողանի մտերիմ ընկերոջ՝ Թրամփի հեռանալէն ետք, Ուաշինկթընի մէջ քաղաքական դաշտը աւելի մռայլ դարձած է Թուրքիոյ համար՝ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները պահպանելու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագահ Պայտընի յանձնառութեան վերահաստատմամբ:

Պեն Ֆրիմըն եւ անոր՝ Ուաշինկթընի մէջ գործող Միջազգային քաղաքականութեան կեդրոնի հետազօտողներու խումբը, անցեալ ամիս հրապարակեցին 30 էջնոց համապարփակ վերլուծում մը՝ «Թուրքիոյ լոպին Միացեալ Նահանգներու մէջ» վերնագրով։ Զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ համար պարզապէս անկարելի է Միացեալ  Նահանգներու  վստահելի գործընկերը ըլլալ եւ միաժամանակ  մտերմանալ ՆԱԹՕի հակառակորդ Ռուսիոյ: Բռնապետ սուլթան Էրտողանի դատապարտելի  վարքագիծը զայն դարձուցած է մերժուած, թէ՛ տունը, թէ՛ դուրսը.․․

Զեկոյցը մանրամասնօրէն կը բացայայտէ «պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ գործակալները փորձած եւ, հիմնականին մէջ, ձախողած են փոխել Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը»՝ քաղաքական քանի մը խիստ եւ վիճայարոյց հարցերու կապուած, Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին գործերու ծիրէն ներս»:

Զեկոյցի գործադիր ամփոփագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ հետազօտողները «վերլուծած են օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան  օրէնքի  (FARA) իւրաքանչիւր փաստաթուղթ, որ ներկայացուած է 2020ին, թուրք յաճախորդներու անունով արձանագրուած կազմակերպութիւններու կողմէ: Այս փաստաթուղթերէն արձանագրած ենք յիշեալ յաճախորդներուն համար կատարուած իւրաքանչիւր «քաղաքական գործունէութիւն», FARAի այս փաստաթուղթերուն մէջ նշուած քարոզարշաւի իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն, Թուրքիոյ անունով տարածուած իւրաքանչիւր «տեղեկատուական նիւթ» եւ իրենց թուրք յաճախորդներէն ստացուած իւրաքանչիւր տոլար, ինչպէս յայտնած են այս կազմակերպութիւնները»։

Ահա՛ Զեկոյցի հիմնական բացայայտումները.

« • Տասնմէկ (ամերիկեան լոպիիստական) կազմակերպութիւններ (5 միլիոն տոլար վճարած են արձանագրուելու համար) FARAի տակ՝ 2020ին, Թուրքիոյ անունով աշխատելու համար.

• Այդ կազմակերպութիւնները յայտնած են, որ 2319 շփում ունեցած են իրենց թուրք յաճախորդներուն անունով.

• 568 (քաղաքական) նուիրատուութիւն, նախընտրական քարոզարշաւներու մէջ, ընդհանուր գումար՝ 52,6177 տոլար, կատարուած է այդ ընկերութիւններուն եւ անոնց արձանագրուած օտարերկրեայ գործակալներու կողմէ.

• Մէկ ծերակուտական ստացած է քարոզարշաւի նուիրաուութիւն ընկերութենէ մը, որ նոյն օրը կապուած է անոր գրասենեակին հետ, Թուրքիոյ անունով»:

Թուրքիոյ կողմէ վարձուած ամերիկեան հինգ ամենագործունեայ ընկերութիւններէն են՝ Mercury Public Affairs եւ Greenberg Traurig, որոնք դադրեցուցած են իրենց պայմանագիրները Թուրքիոյ հետ, Հոկտեմբեր 2020ին, ամերիկահայերու ճնշման իբրեւ արդիւնք՝ անցեալ տարի Արցախի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակման օրերուն: Միւս երեք ընկերութիւններն են՝ Venable, LB International Solutions եւ Capital Counsel։ Վերջինս ալ խզած է պայմանագիրը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ, Ապրիլ 2021ին։ Այսուամենայնիւ, Սեպտեմբեր 2021ի դրութեամբ, տակաւին կան լոպիիստական ամերիկեան 10 ընկերութիւններ, որոնք վարձուած են Թուրքիոյ կողմէ։

Զեկոյցին մէջ կը նշուի՝ լոպիիստական այս ընկերութիւններուն կողմէ 2020ին ձեռք բերուած շփումներու քանակը: Ներկայացուցիչներու պալատ (1044), Ծերակոյտ (657), լրատուական միջոցներ (377), ուղեղային կեդրոններ (83) եւ գործարք (37): Հիմնականին մէջ, անոնք կապ հաստատած են Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու եւ զինուած ուժերու յանձնախումբերու հետ։ Քոնկրեսի ամէնէն շատ շփուող անդամներն են քոնկրեսական Սթիւ Շապօ (հանրապետական, Օհայօ), ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըր (հանրապետական, Միսիսիփի) եւ ծերակուտական Թատ Եանկ (հանրապետական, Ինտիանա): Ամէնէն աւելի շփուող լրատուական միջոցներէն եղած են՝ «Նիւ Եորք Թայմզ», «Պլումպըրկ», «Ուաշինկթըն Փոսթ», CNN եւ Wall Street Journal։ Հասարակայնութեան հետ կապերու մասնագէտները, որոնք վարձատրուած են Թուրքիոյ կողմէ, թերթերուն ներկայացուցած են յօդուածներ,  կարծիքի սիւնակներ  եւ նամակներ՝ խմբագիրներուն: Ուղեղային կեդրոններէն  չորսը, որոնց հետ կապուած են թուրք գործակալները, նիւթական հովանաւորութիւն ստացած են թրքական կառավարութենէն կամ Թուրքիոյ հետ կապուած ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ:  Պրուքինկզի հիմնարկը եւ Միացեալ Նահանգներու գերմանական Մարշալի հիմնադրամը նիւթական հովանաւորութիւն ստացած են Թրքական արդիւնաբերութեան եւ գործարքի ընկերակցութենէն (TUSIAD), Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնը, 2019ին, Թուրքիոյ կառավարութենէն ստացած է առնուազն 100 հազար տոլար եւ Ամերիկեան առաջընթացի կեդրոնը նիւթական հովանաւորութիւն ստացած է Թուրքիոյ կիրառական հետազօտութիւններու կեդրոնէն (CATS):

Հակառակ Թուրքիոյ լոպիիստական եռանդուն  ջանքերուն, Քոնկրես պատժամիջոցներ սահմանեց այդ երկրին դէմ՝ ռուսական S-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար, արգելափակեց ամերիկեան F-35 ռազմաօդային ինքնաթիռներու վաճառքը եւ կասեցուց Թուրքիոյ սպառազինութիւններու բոլոր հիմնական վաճառքները: Աւելին,  Միացեալ Նահանգներ արգելափակեց Թուրքիոյ՝ Փաքիստանին 1․5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ուղղաթիռներու ծրագրած վաճառքը։

2020ին, Թուրքիան ներկայացնող լոպիիստական ընկերութիւններու կողմէ քարոզարշաւին յատկացուած 526 հազար տոլարին 156 հազարը ուղղուեցաւ քաղաքական քարոզարշաւի յանձնախումբերուն՝ անկարելի դարձնելով հասկնալ, թէ ո՛ր քաղաքական թեկնածուն որքա՛ն գումար ստացած է: Մնացած 370 հազար տոլարը ստացող առաջին հնգեակը եղած են՝ քոնկրեսական  Վեռն Պիւքենան (հանրապետական, Ֆլորիտա)՝ 28 հազար տոլար, ծերակուտական Թիմ Քէյն (դեմոկրատ, Վիրճինիա)՝ 10,600 տոլար, քոնկրեսական Քեւըն ՄըքՔարթի (հանրապետական, Քալիֆորնիա)՝ 9500 տոլար, ծերակուտական Կէրի Փիթըրզ  (դեմոկրատ, Միչիկըն)՝ 9100 տոլար եւ Այոուա նահանգի պարտուած Ծերակոյտի դեմոկրատ թեկնածու Թերեզա Կրինֆիլտ՝ 6700 տոլար։ Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիան ներկայացնող ընկերութիւններու նուիրատուութիւններուն ամէնէն մեծ բաժինը ստացողներէն շատեր նաեւ եղած են թուրք լոպիիստներու հետ ամէնէն աւելի շփման մէջ եղողները։

Զեկոյցը նաեւ կը մատնանշէ՝ «վճարէ՛, խաղալու համար» քաղաքականութեան մէկ օրինակ, այսպէս. «Առնուազն մէկ պարագայի՝ Թուրքիոյ անունով նուիրատուութիւնն ու շփումը տեղի ունեցած են ճիշդ նոյն օրը: 3 Մարտ 2020ին, Venable օտար երկրի գործակալը եւ Քոնկրեսի նախկին անդամ Պարթ Սթուփաք (դեմոկրատ, Միչիկըն), խօսած են ծերակուտական Ճին Շահինի (դեմոկրատ, Նիւ Հեմփշիր) ժամադրութիւնը  կազմողին հետ՝ ծերակուտականի հետ հանդիպում խնդրելու համար: Նոյն օրը Venable յայտնած է, որ իր օտարերկրեայ գործակալներէն մէկը 1000 տոլար նուիրատուութիւն ըրած է Շահինի քարոզարշաւին»։

Կարեւորը Զեկոյցի եզրակացութիւնն է, ուր կ՛ըսուի. «2020ին, Ամերիկայի մէջ թրքական լոպին շարք մը մեծ մարտեր մղած եւ պարտուած է, գրեթէ բոլոր պարագաներուն: Թուրքիա կը շարունակէ պատժամիջոցներու տակ մնալ С-400-ներու գնման համար, Ֆեթուլլահ Կիւլեն (այլախոհ թուրք հոգեւորական) չէ արտայանձնուած Թուրքիոյ եւ կը շարունակէ ապրիլ Փենսիլւանիա, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն»։ Տեսանելի ապագային, թրքական կառավարութեան «ազդեցութիւնը Ամերիկայի մէջ, հաւանաբար, լաւագոյն պարագային՝ լուսանցքային կ՛ըլլայ»։ Մինչ այդ, Թուրքիա կը շարունակէ միլիոնաւոր տոլարներ վատնել Ուաշինկթընի մէջ անօգուտ լոպիիստներ վարձելով, այն պահուն, երբ Թուրքիոյ միլիոնաւոր քաղաքացիներ գործազուրկ են եւ կը գտնուին սովի եզրին:

Զեկոյցը, սակայն, կը նախազգուշացնէ, որ իր լուսաբանութիւնը կը վերաբերի «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան միայն մէկ մասին։ Այս զեկոյցը, օրինակ, չ՛անդրադառնար ազդեցութեան՝ շահ չհետապնդող Թրքական ժառանգութիւն կազմակերպութեան, որ պարբերաբար ձեռնարկներ կը կազմակերպէ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ բեմ ապահովելով թուրք պաշտօնեաներու։ Զեկոյցը չի քննարկեր նաեւ ապօրինի ազդեցութեան գործողութիւնները, օրինակ՝ Մայքըլ Ֆլինի աշխատանքը Թուրքիոյ անունով: Ամերիկայի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան միայն մէկ մասին` FARA արձանագրուածներու այս վերլուծումը, այսուամենայնիւ, խօսուն ապացոյց մըն է»:

Թէեւ ամերիկահայերը Ուաշինկթընի մէջ չունին իրենց անունով աշխատող լոպիիստական ազդեցիկ ընկերութիւններ, սակայն շարք մը կարեւոր նահանգներու մէջ ունին մեծ թիւով ընտրողներ եւ նուիրատուներ, որոնց աւելի ուշադրութիւն կը դարձնեն ընտրեալ պաշտօնեաները, քան Թուրքիոյ կողմէ վարձուած օտարերկրեայ գործակալներուն: Ոչ մէկ լոպիինկ կրնայ  թաքցնել  սուտը կամ  արդարացնել  Թուրքիոյ կաշառակեր եւ բռնապետական վարչակարգը:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...