image
Հրատապ լուրեր:

Մինչ եկեղեցին կը յիշատակէ. Սուրիացի 2 Քրիստոնեայ Առաջնորդներու ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ

Մինչ եկեղեցին կը յիշատակէ. Սուրիացի 2  Քրիստոնեայ   Առաջնորդներու   ճակատագիրը  կը շարունակէ մնալ անյայտ

 

Երկուշաբթի՝ 24 ապրիլին, նախատեսուած է առցանց գիտաժողով մը՝ ի յիշատակ Յոյն ուղղափառ մետրապոլիտ Պուլոս ԵազիԺիի և ասորի ուղղափառ մետրոպոլիտ Մար Կրեկորիոս Եոհաննա Իպրահիմի, որոնք Սուրիոյ  մէջ եւ տասը տարիներ առաջ՝ 2013 թուականի Ապրիլ 22ին խորհրդաւոր կերպով անհետացած են եւ մինչ օրս չեն գտնուած։

Միջոցառումի հովանաւորներն են Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Եոհանա Ժ (որ նաեւ մետրոպոլիտ Պուլոս Եազիժիի եղբայրն է եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի՝ MECC, ներկայիս նախագահը) և Անտիոքի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Մար Իգնատիուս Աֆրեմ Բ։ Գիտաժողովի աւարտին Ապրիլ 22ը պիտի սահմանուի «Առևանգուած և անհետացած անձանց համամիութենական օր» եւ պիտի ընթերցուի այդ կապակցութեամբ հռչակագիրը։

Հալէպի երկու մետրոպոլիտ եպիսկոպոսները առևանգուած են սուրիական քաղաքացիական պատերազմի սկզբին՝ Թուրքիոյ սահմանի մօտակայքին։ Որեւէ խմբաւորում պահանջ չէ ներկայացուցած և այդ ժամանակուընէ ի վեր կատարուած նախաքննութիւնները չեն յայտնաբերած առեւանգման պատճառները և չկայ որեւէ հիմնաւոր տեղեկութիւն երկու հոգեւորականներու ճակատագրի վերաբերեալ։

Անհետացումէն յետոյ տասը տարիներու ընթացքին այդ եպիսկոպոսներու յիշատակը վառ պահուած է երթերով, աղօթքներով, եկեղեցիներու կողմէ արուած յայտարարութիւններով և տարբեր հասարակական միջոցառումներով։

 

Նիւթը՝ «vatican News»էն