Առաջիկային Երեւանի մէջ պիտի բացուին համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ խաղերը, այս առթիւ ալ «Արեւելք» պիտի շարունակէ լայն տեղ յատկացնել աշխարհատարած մարզական միութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեանը։
Կը նշուի նաեւ, որ այս ծիրէն ներս արդէն իսկ Երեւան ժամանած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ մասնաճիւղի պատուիրակութիւնը եւ այդ մասին ալ ստորեւ կը ներկայացնենք Սուրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դիմատետրեան էջին այս մասին կատարուած գրառումը։
Երկուշաբթի, 18 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի պատուիրակութիւնը Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն մասնակցելու համար, Հալէպի միջազգային օդակայանէն մեկնելով ժամանեց Հայաստան։
Յիշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանը Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ 48 մարզիկներով, պասքէթպոլի, ոտնագնդակի, ֆութսալի եւ ճատրակի խումբերով։
Առաջին օրը մասնակիցները շրջագայեցան Երեւանի թաղամասերէն, այգիներէն եւ հրապարակէն ներս եւ վայելեցին հայրենիքի օդն ու ջուրը։