Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի անուան տօնախմբութենէն անմասն չէ մնացած նաեւ Հալըճըօղլուի գերեզմանատան Ս. Ստեփանոս Մատուրը։ Այս առթիւ, Ս. Պատարագէն առաջ, ներկաներ հաւաքուած են մատրան մուտքի զանգակին շուրջ, ուր քահանայ հայրեր օրհնեալ ջուրով ու գինիով լուացած են զանգակը, եւ միւռոնով օծած են նոր զանգը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնը անուան տօնախմբութիւնն է նաեւ Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս Մատրան։ Նոյն առթիւ 25 Դեկտեմբեր 2025, Հինգշաբթի առաւօտ, արարողութեանց հանդիսապետեց եւ ուխտի Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Ներկայ էին մատրան այցելու երէց Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան, Սարգիս Չավուշեանի գլխաւորութեամբ Հալըճըօղլուի Թաղային Խորհուրդի անդամները եւ հակառակ աննպաստ օդին՝ ուխտաւոր հաւատացեալներ։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։
Ս. Պատարագէն առաջ, ներկաներ հաւաքուեցան մատրան մուտքի զանգակին շուրջ, ուր, ըստ Մայր Մաշտոցի, քահանայ հայրեր օրհնեալ ջուրով ու գինիով լուացին զանգակը։ Ապա հանդիսապետ Հայր Սուրբը կարդաց կանոնական աղօթքը, հուսկ՝ Սրբալոյս Միւռոնով օծեց նոր զանգը, որմէ ետք առաջին անգամ հնչեցուց ու սկսաւ Ս. Պատարագը։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Հայր Սուրբը քարոզեց «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ իյնալով չմեռնի՝ միայն ինքը կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ շատ արդիւնք կու տայ» (Յովհ. ԺԲ.24) բնաբանով եւ անդրադարձաւ «մեռնիլ» գաղափարին վրայ։ Առանց «մեռնելու», չկայ «շատ արդիւնք տալ»։
Քարոզիչ Հայր Սուրբը ապա խօսեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին ու անոր վարքին մասին եւ ըսաւ որ ան եւս մեռաւ։ Մարտիրոսական մահուամբ մեռաւ, սակայն իր հաւատքն ու իր ծառայութիւնը կ’ապրի։ Հայր Սուրբը յիշեցուց Տէրտուղիանոսի «Մարտիրոսներու արիւնը եկեղեցւոյ սերմն է» խօսքը ու այս խօսքը իրականացաւ Ս. Ստեփանոսի մարտիրոսութեան պարագային։ Ահա կը տեսնենք, թէ ան շուրջ երկու հազար տարիներէ ի վեր արդիւնք կու տայ։
Հայր Սուրբը քարոզի աւարտին շնորհաւորեց Ս. Ստեփանոսի ուղիէն ընթացող, զայն իրեն հաւատքի ու ծառայութեան տիպար ընդունող բոլոր սարկաւագները։ Յիշեցնելով երբեմնի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցին, բարեմաղթանքներ ըրաւ այսօր այս մատուռ որպէս ուխտաւոր եկող հաւատացեալներուն։ Հուսկ շնորհաւորեց մատրան տօնախմբութիւնը ու կարողութիւն մաղթեց զայն մաքուր ու բաց պահողներուն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։