image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ. Շահէ Մինասեան թեկնածու Սուրիոյ Խորհրդարանի ընտրութիւններուն

Հալէպի մէջ. Շահէ Մինասեան թեկնածու Սուրիոյ  Խորհրդարանի ընտրութիւններուն

Սուրիոյ Խորհրդարանին մէջ հայերը միշտ ունեցած են իրենց ներկայացուցիչները: 2024-ի յուլիսին կայանալիք Խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընդառաջ, Հալէպ քաղաքի նահանգային խորհուրդի անդամ, համայնքային գործիչ Շահէ Մինասեան առաջադրած է իր թեկնածութիւնը: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն:

Շահէ Մինասեան Սուրիոյ «Պաաս» կուսակցութեան անդամ է, միեւնոյն ժամանակ «Նոր Սերունդ»  մշակութային   միութեան մէջ վարած է պատասխանատու         բազմաթիւ  պաշտօններ եւ աշխուժ  մասնակցութիւն բերած  «Սուրիոյ վերականգնումի եւ շտապ օգնութեան» Հալէպի մարմնի    աշխատանքներուն։ 

Շահէ Մինասեան, որպէս թեկնածու, գրառում մը ըրած է, ուր մասնաւորապէս  կ՚ըսուի՝ 

««Պաաս»ը մեր ճանապարհն է, իսկ մարդոց ծառայելը՝ մեր պարտքը

Ընկերներ եւ ընկերուհիներ

Հիմնուելով մեր հզօր կուսակցութեան՝ Պաաս արաբական ընկերվարական կուսակցութեան ուղղութիւններուն եւ անոր ժողովրդավարական գործընթացի յաջողութեան եւ սահմանադրական իրաւունքի նկատմամբ մեր հաւատքին վրայ, ես կ'առաջադրեմ իմ թեկնածութիւնը Սուրիոյ Խորհրդարանի չորրորդ օրէնսդրական ժամանակաշրջանի համար Հալէպի քաղաքի Բ խումբի շրջանակի, նաեւ Պաաս արաբական ընկերվարական կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրի ծիրէն ներս, յոյս ունենալով, որ ընդունելութիւն կը գտնեմ ընկերներուս կողմէ եւ կ'արժանանամ անոնց վստահութեան, որ շատ արժէք ունի ինծի համար, եւ եթէ անոր արժանի եմ:

Կը մաղթեմ բոլոր ընկերներուն լաւ ընտրութիւն կատարել:»

 

 

  Լիարժէք  յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք մեր հայրենակից՝   Շահէ Մինասեանին։