Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեան եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներ այցելութիւն տուած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝
Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2024-ի առաւօտուն, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներ այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, այցելուները անդրադարձան միութեան յառաջիկայ գործունէութիւններուն։ Անոնք Սրբազան Հօր նուիրեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի վերջին թիւը։
Սրբազան Հայրը, իր կարգին, գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան եւ Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան հայակերտումի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, առաւել ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյրերուն եւ եղբայրներուն։