Հալէպահայ գաղութը ծանր կորուստ մը կրեց ՝ Մանուէլ Քէշիշեանի մահով։
Այս մասին իմացանք հալէպահայ օգտատերերէ, որոնք հինգշաբթի օր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ տարածեցին իրենց պատուական ուսուցիչ եւ դաստիարակ՝ Մանուէլ Քէշիշեանի մահուան բօթը։
Կը նշուի, որ հանգուցեալը ենթարկուած է սրտի գործողութեան, որմէ ետք ալ կորսնցուցած է իր կեանքը։
Կեանք մը լեցուն նուիրական գործունէութեամբ հանդէպ հայ դպրոցին, հայ թատրոնին եւ գիրին եւ այդ բոլորին հանրագումարը Մանուէլ Քէշիշեան անուն գործիչը, որ այսօր կը հեռանայ մեզմէ։
Նշենք, որ Քէշիշեան վերջին շրջանին Երեւան հաստատուելէ ետք վերստին եւ այս անգամ իր պաշտած դպրոցի՝ ՀԲԸՄ Լազար-Նաճարեան Ճեմարանի պատասխանատու մարմիններուն հրաւէրով, մեկնած էր Հալէպ ստանձնելու համար տնօրէնի պաշտօնը։
Յիշեցնենք նաեւ, որ Քէշիշեան տարիներ առաջ յօդուածներ ստորագրած է «Արեւելք»ի մէջ դառնալով սիրելի մէկ անդամ մեր թերթին ու հանդէս գալով սփիւռքահայերը եւ մասնաւորապէս սուրիահայերը յուզող հարցերով։
Տակաւին կ՚անդրադառնանք անոր երախտարժան վաստակին։
Յարգանք իր յիշատակին։