image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպահայ Անի Վարվառեան զոհ ծանր արկածի

  Հալէպահայ Անի Վարվառեան զոհ ծանր արկածի

 Մեր ընթերցողները տեղեակ եղան օրեր առաջ Հայաստանի Շիրակի մարզին մէջ տեղի ունեցած  հանրակառքի (Մարշուտքա) ծանր արկածին մասին, որուն զոհ գացած էին   5  ուղեւորներ։

Այսօր «Արեւելք»ի  աղբիւրը յայտնեց, որ զոհերուն մէջ եղած է բնիկ  հալէպցի երիտասարդուհի՝ Անի Վարվառեանը (Ծն. 1984-ին ՝Հալէպ)։

Անի, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով իր մայրիկին հետ նախ անցած էր Պէյրութ, ապա տեղի ծանր  դրութեան հետեւանքով որոշած էր հայրենադարձուիլ։

 Մեր տուեալներով Անիի մայրիկը ըլլալով աշխատակիցներէն մին Հայ Կաթողիկէ համայնքին յարմար համարած է Երեւանէն անցնիլ Կիւմրի եւ  հաստատուիլ այդտեղ։

 Ըլլալով անդամներ հայ կաթողիկէ համայնքին  եկեղեցին յատուկ կարգադրութիւն մը կը կատարէ եւ անոնց կը տրամադրէ բնակարան։

 Կը նշուի նաեւ, որ Անին յաճախ կ՚այցելէր Երեւան իր մայրիկին առողջական կարիքները հոգալու համար։

 Այս տխուր մահով էջ մը եւս կը փակուի Վարվառեաններու ընտանիքի  կեանքէն, որ անցեալին ալ եղած նոյնանման պատմութեան մը ականատես, որովհետեւ Անիին եղբայրը ՝ Պօղոս  տասնամեակ մը առաջ նոյնպէս մահացած է (քեռիին հետ) ինքնաշարժի ծանր արկածի հետեւանքով (Հալէպի մէջ բնականաբար)։

 Անի Վարվառեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը ՝ Կիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։

Խունկ ու աղօթք երիտասարդուհիի յիշատակին։