ԱԺ խօսնակ Ալէն Սիմոնեանը պարգեւատրած է պատգամաւորները եւ խորհրդարանի աշխատակազմը:
«Ազգային ժողովի պատգամաւորներին, Ազգային ժողովի աշխատակազմի պետական ծառայողներին եւ աշխատողներին խրախուսել միանուագ դրամական պարգեւատրմամբ՝ համաձայն յաւելուածների», նշուած է։
Նշենք, որ Ալէն Սիմոնեանի պաշտօնավարման 5 ամսուայ ընթացքին սա պարգեւատրման երկրորդ կարգադրութիւնն է:
Նախորդ անգամ Ալէն Սիմոնեանը պատգամաւորներն ու աշխատակազմը պարգեւատրած էր Սեպտեմբեր 21-ին` Անկախութեան 30-ամեակին առթիւ։