image

Հակամարտութիւններու կարգաւորման կոչ՝ Փութինէն

Հակամարտութիւններու կարգաւորման կոչ՝ Փութինէն

Ուքրանիոյ մէջ տեղի կ'ունենան ողբերգական իրադարձութիւններ, կան նաեւ հակամարտութիւններ ԱՊՀ միւս երկիրներու միջեւ, սա կը պահանջէ անոնց լուծմանն ուղղուած միջոցառումներու մշակում, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստին»։

«Մենք, ի հարկէ, պիտի անդրադառնանք ԱՊՀ տարածքին մէջ անվտանգութեան ապահովման խնդիրներուն։ Բացի Ուքրանայէն, ուր իսկապէս ողբերգական իրադարձութիւններ տեղի կ'ունենան, երբեմն հակամարտութիւններ կը ծագին յետխորհրդային տարածքի այլ մերձաւոր պետութիւններու միջեւ, եւ այդ, ի հարկէ, կը պահանջէ լուծման միտուած միջոցառումներու մշակում»,-ըսած է Փութին: