Օրերս յաջողութեամբ աւարտած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի տարեկան բանակումը։
Բանակումը տեղի ունեցած է Սուրիոյ Մարմարիթայի Մար Պշարա Վանքէն ներս։
Բանակումի վերջին օրը, ինչպէս ընդունուած է, տեղի ունեցած խարուկահանդէսի արարողութիւն:
Այս մասին աւելի մանրամասն «Արեւելք» իմացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.
«Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 19 էն 24 Յուլիս 2021-ին, Պահզինա գիւղի (Մարմարիթա) Մար Պշարա Վանքէն ներս։
Այս տարուայ բանակումը կոչուեցաւ Շուշի բանակում։
Բանակումին մասնակցեցան 41 քոյր եղբայրներ։
Բանակումի ընթացքին քոյրերն ու եղբայրները ստացան զանազան գիտելիքներ, դասախօսութիւններ, սորվեցան ազգային եւ յեղափոխական երգեր, ունեցան թէլէմաջ, յետախուզական նշաններով արշաւներ, այցելեցին պատմական վայր (Krak des Chevaliers), ունեցան հարց- պատասխանի մրցում։
Բանակումի մասնակցողները ամէն գիշեր կը հաւաքուէին խարոյկին շուրջ երգելու եւ խմբակներուն պատրաստած հաճելի խաղերը խաղալու։
Վերջին օրը պատրաստուած էր կոկիկ յայտագրով խարուկահանէս, որու ընթացքին երեք գայլիկ փոխանցուեցան սկաուտական շարքերը։
Բոլոր բանակումի ժամանակաշրջանը անցաւ ուրախ զուարթ եղբայրական հնազանդութեամբ եւ լրիւ կարգապահութեամբ։
Բանակումը հասած էր արդէն իր աւարտին, մասնակիցները իրար հրաժեշտ տուին ցտեսութեան երգով եւ բոլորը վերադարձան Դամասկոս գոհունակ, անհամբեր սպասելով յաջորդ տարուայ բանակումին։
Աւարտին տեղին է ուղղել մեր խորին շնորհակալութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ շրջանային վարչութեան որ թեւ ու թիկունք կանքնեցաւ այս բանակումի յաջողութեան»։