image

Գործողութիւն «Իյլատ»ի մէջ. Զոհուած են 3 իսրայէլացիներ (Տեսանիւթ)

Գործողութիւն  «Իյլատ»ի  մէջ. Զոհուած են 3 իսրայէլացիներ  (Տեսանիւթ)

 Յիշեցնենք, որ անցնող  շաբաթներուն   այս առաջին դէպքը  չէ, որ  կը գրանցուի   իսրայէլեան քաղաքներուն մէջ, եւ  դէպքերուն խորքային  պատճառը կը շարունակէ մնալ պաղեստինե-իսրայէլեան խնդրի     լարումը, որ երեւելի սկսաւ դառնալ  շուրջ  տարի  մը առաջ Երուսաղէմի  արաբաբնակ  շրջաններուն մէջ  գրանցուող      բախումներուն պատճառով։

Հինգշաբթի երեկոյեան Թել Աւիւէն արեւելք գտնուող Իյլատ շրջանին մէջ դանակահարութեան հետեւանքով զոհուած են    3 իսրայէլացիներ։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացած է  Al Mayadeen  կայանէն։

Թղթակիցը մատնանշեց, որ «իսրայէլեան ուժերը կը հետապնդեն անոնց, ովքեր իրականացուցած են գործողութիւնը»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած են, որ «առայժմ հնարաւոր չէ խօսիլ միջադէպի աւարտին մասին»` նշելով, որ «առայժմ տեղեկութիւններ կան 5 վիրաւորի մասին, այդ շարքին` ծայրայեղ ծանր  պարագաներու մասին տեղեկութիւններ կան»:

Մինչ իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը նշէին, որ «գործողութիւնը կատարողը  խոյս տուած  յարձակման վայրէն», անոնք ուշադրութիւն դարձուցին, որ «գործողութիւնը իրականացուցած են երկու մարդ, ոչ թէ մէկ եւ առնուազն երկու տարբեր վայրերու մէջ»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցը նշած է նաեւ, որ «Իլիատի քաղաքապետարանը բնակիչներուն կոչ ըրած է մնալու իրենց տուներուն մէջ»: