image

Գորբաչով դէպի վերջին հանգիստ

Գորբաչով դէպի վերջին հանգիստ

Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ) առաջին եւ միակ նախագահ՝ Միխայիլ Գորբաչով յուղարկաւորուած է Նովոտեւիչեան գերեզմանատունը:  ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ՝ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է պատւոյ պահակախումբի մասնակցութեամբ:

Գորբաչովը յուղարկաւորած են ընտանեկան գերեզմանը, կնոջ՝ Ռաիսայի կողքին:

Միխայիլ Գորբաչով մահացած է երեքշաբթի, 30 Օգոստոսին, 92 տարեկան հասակին, ծանր եւ երկարատեւ հիւանդութենէ յետոյ։