Գլխաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահի Տեղապահ` Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի Հայ Աւետարական Եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը օրերս այցելութիւն տուած է Պէյրութի Հայ Տարեցներու Տունը (ՔԱՀԼ)։
«Արեւելք» այդ մասին վերահասու դարձաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահի Տեղապահ` Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, Հայ Աւետ. հովիւներու եւ երէցկիներու հետ, Հայ Տարեցներու Տունը (ՔԱՀԼ) այցելեցին Նոր Տարուայ եւ Սբ. Ծննդեան առիթներով 14 Յունուար 2026ին։ Տարեցներու խումբի մը հետ Տէր Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը նշեցին երգով, Աստուածաշունչի համարներով եւ աղօթքով։ Վեր. Հայտօսթեան իր քաջալերական պատգամին մէջ յորդորեց բոլորին, որ «ամէն ժամանակ Տէրը գովեն» (Սաղմ. ԼԴ.1)։
Ապա՝ այցելողները բաժնուեցան եւ սենեակները կեցող պատսպարեալներուն քով գացին, խօսելու, լսելու, աղօթելու եւ քաջալերելու համար, յիշեցնելով թէ Քրիստոս իրենց հետ է։ Տարեցները, իրենց կարգին, ուրախութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին հովիւներու եւ երէցկիներու ներկայութեան համար։
Վեր. Հայտօսթեան եւ այցելող խումբը հանդիպում ունեցան ՔԱՀԼ-ի տնօրէն՝ Պատ. Սեպուհ Թերզեանի եւ կարգ մը պաշտօնեաներուն հետ, քննարկելու համար լիբանանահայ համայնքին եւ յատկապէս տարեցին դիմագրաւած մարտահրաւէրները. բարձրօրէն գնահատեցին ՔԱՀԼ-ի էական դերը համայնքային կեանքէն ներս։

