Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին այս տարի պիտի տօնէ կառուցման 150 ամեակը։ Դեկտեմբեր 5-ին պիտի կատարուի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ նաւակատիքը՝ նորոգութեան առթիւ կատարուող եկեղեցական արարողութիւն։
Դեկտեմբերի 7-ին Ամենայն Հայոց Հայրապետի հանդիսապետութեամբ պիտի վերաօծուի եկեղեցին։ Այդ օրերուն թեմը պիտի հիւրընկալէ բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնք ներկայ պիտի գտնուին սրբազան տաճարի օծման պատմական իրադարձութեան: