image

«Ղազախստան պատրաստ է հարթակ դառնալու Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն». Ղազախստանի նախագահ Թոքաեւ

«Ղազախստան պատրաստ է հարթակ դառնալու Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն». Ղազախստանի նախագահ Թոքաեւ

Ղազախստանը պատրաստ է հարթակ տրամադրելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար։ Այդ մասին ապրիլ 15-ին Երեւանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ ըսած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը։

«Մենք պայմանաւորուեցանք համատեղ աշխուժօրէն աշխատիլ, մասնակցիլ խաղաղութեան ամրացման գործընթացին։ Մենք կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու ձգտումը։ Ղազախստանը պատրաստ է առաւելագոյն օժանդակութիւն տրամադրելու այս հարցով եւ բարի ծառայութիւններու առաքելութիւն ստանձնելու, այսինքն, իր հարթակը տրամադրելու երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւններու համար։ Մեր նպատակներն ու շահերը տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան ամրացման տեսանկիւնէ կը համընկնին»,- նշած է Թոքաեւը։

Ղազախստանի նախագահը ողջունած է Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը։ Ան բարձր գնահատած է Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրային կապերը վերականգնելու Հայաստանի ձգտումը։

Քասիմ-Ժոմարթ Թոկքաեւի խօսքով՝ Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանը շատ կարեւոր եւ վստահելի գործընկեր է Ղազախստանի համար։

«Մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են անքակտելի բարեկամութեան եւ փոխաջակցութեան վրայ։ Մենք հետաքրքրուած ենք Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը զարգացնելու հարցով, ատոր համար այսօրուան այցը ինծի համար յատուկ նշանակութիւն ունի։ Բանակցութիւնները Նիկոլ Փաշինեանի հետ կ՚ապացուցեն, որ մենք հետաքրքրուած ենք մեր գործընկերութիւնը պահպանելու ամենաբարձր մակարդակով։ Այսօր մենք մանրամասն քննարկեցինք բազմաթիւ արդիական օրակարգային հարցեր, հասանք յստակ պայմանաւորուածութիւններու։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուցինք առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային կապերու ընդլայնման»,-ըսած է Ղազախստանի ղեկավարը։

Ան նշած է, որ վերջին հինգ տարիներուն Հայաստանի եւ Ղազախստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնն աճած է, բայց երկու երկիրներու «յարաբերութիւններու զարգացման ներուժը մինչ օրս ամբոջութեամբ չէ օգտագործուած»։