image
Հրատապ լուրեր:

Ղարաբաղի ռուսական զօրքերու շրջաններու մէջ իրավիճակը կայուն. ՌԴ ՊՆ

Ղարաբաղի  ռուսական զօրքերու շրջաններու մէջ իրավիճակը կայուն. ՌԴ ՊՆ

Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ռուսաստանի խաղաղապահներու կողմէ քսանեօթ դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:

Կը նշուի, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած:

«Ապահովուած է Լաչինի միջանցքով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու չորս շարասիւներու ուղեկցումը ` երկուքը հիւսիսային եւ երկուքը հարաւային ուղղութիւններով:

Պարեկութիւն կատարուած է Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ:

Ռուսաստանի խաղաղապահներուն անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներու հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: