Լեռնային Ղարաբաղի` Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ` Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղի հատուածին մէջ Մարտ 24-ին մեկնարկած ադրբեջանական ներխուժումը կը շարունակուի:
Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, նշելով, որ ներխուժած ատրպէյճսնական ստորաբաժանումները նախորդ գիշեր կրակ բացած են Պաշտպանութեան բանակի յենակէտերուն ուղղութեամբ: Իրադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակէ լարուած մնալ:
«Ակնկալում ենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը միջոցներ կը ձեռնարկի Ատրպէյճանի զինուած ուժերի ներխուժած ստորաբաժանումների անյապաղ դուրս բերումը ՌԴ խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատուութեան գօտուց ապահովելու համար, ինչը պիտի նշանակի ադրբեջանական ստորաբաժանումների վերադարձ Մարտի 23-ի ելման դիրքեր», նշուած է յայտարարութեան մէջ: