image

Ղարաբաղի հարցով անհանգիստ եմ. Գանատացի գործիչ

Ղարաբաղի հարցով անհանգիստ եմ. Գանատացի գործիչ

Քէպեքի գանատացի սենատոր Լէօ Հուսաքոս դատապարտած է Ատրպէյճանի յարձակումը`կոչ ընելով Գանատային եւ միջազգային հանրութեան խստօրէն դատապարտելու այն: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` այս մասին ան գրած է «Թուիթըրի» իր էջին:

«Արցախի ժողովուրդի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը 2020 թուականի նոյեմբերի հրադադարի համաձայնագրի վերջին խախտումն է։ Ես անհանգստացած եմ Ատրպէյճանի վերսկսած յարձակման առիթով եւ կոչ կ'ընեմ Գանատային ու միջազգային հանրութեան խստօրէն դատապարտելու այն»,- գրած է ան: