image

Գէորգ Պապոյեանը նշանակուած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար

Գէորգ Պապոյեանը նշանակուած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր, Ազգային Ժողովի ֆինանսավարկային եւ պիւտճէթային հարցերու յանձնաժողովի նախկին նախագահ Գէորգ Պապոյեանը նշանակուած է տնտեսութեան նախարար։

Համապատասխան հրամանագիրը հրապարակուած է նախագահի կայքին մէջ։

Փետրուար 24-ին «Քաղաքացիական պայմանագրի» վարչութիւնը հաւանութեան արժանացուցած էր Գէորգ Պապոյեանի թեկնածութիւնը տնետութեան նախարարի պաշտօնին առաջադրելու։ Փետրուար 26-ին Պապոյեանը յայտարարած էր պատգամաւորական մանթատէն հրաժարելու մասին: