Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալած է ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աւագ Քահանայ Հայր Արժ. Տ. Շուքրի Թուման։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աւագ Քահանայ Հայր Արժ. Տ. Շուքրի Թուման։
Եղբայրական մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, քահանայ հայրը երախտագիտական ոգիով գդակ մը նուիրեց Սրբազան Հօր։
Սրբազան Հայրը, իր կարգին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին հեղինակած «Հայ Եկեղեցին» գիրքի արաբերէն