Մարտ 5-ին, Փրակայի «Օլիմպիք» հիւրանոցին մէջ իր աշխատանքը սկսաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման՝ ՀԵՀԵՄ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակութեան տարծաշրջանային ֆորումը մասնակցութեամբ՝ եւրոպական 10 երկիրներէն 40-էն աւելի երիտասարդներու եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու։
Բացման ներկայ էին ՀԵՀԵՄ հոգեւոր առաջնորդ՝ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը Միացեալ Նահանգներէն, Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ՝ Տիրան եպս. Պետրոսեանը Վիեննայէն, Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանը Պուխարեսթէն, Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպս. Իսախանեանը Քիոլնէն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարբեր թեմերու հոգեւոր հովիւներ Տէր Վաղարշ քահանայ Իսախանեանը Շուէտէն, Տէր Ստեփանոս քահանայ Յովհաննիսեանը Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ, Շուէտի հարաւային շրջանի հովուութենէն, քահանայ Գաբրիէլեանը Գերմանիոյ Հեսսեն երկամասէն եւ Մայնց քաղաքէն։ Բնականաբար ֆորումին ներկայ էին նաեւ ՀԵՀԵՄ հոգեւոր տեսուչ, Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն՝ Հոգեշնորհ Տէր Թովմա վրդ․ Խաչատրեանը եւ Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւճեանը։
Ի դէպ, նոյն օրուան առաւօտեան Չեխիոյ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ, Պրակայի արք. կարտինալ Տոմինիք Տուքան ընդունած է հայ հոգեւորականներուն խումբը։
Երիտասարդներ ժամանած էին Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Նորվեկիայէն, Դանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Լաթվիայէն, Ռումանիայէն, Զուիցերիայէն, ինչպէս նաեւ ներկայ էին Չեխիոյ ներկայացուցիչները։
Ողջոյնի խօսքով հանդիպումը բացաւ եւ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրան Սրբազանը՝ ընթերցելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի ուղերձը։ Վեհափառը յաջողութիւն մաղթած էր ֆորումի աշխատանքներուն եւ յոյս յայտնած, որ այս տարի Յուլիսին ՀԵՀԵՄ-ի անդամները ուխտագնացութեան մեկնին Հայաստան։
Այնուհետեւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդ՝ Յովնան Սրբազան, որ 20 տարի առաջ եղած է այս կառոյցի հիմնադիրը, ողջունելով ներկաները իր խօսքով բացատրեց ՀԵՀԵՄ-ի առեքելութեան իմաստը, ոգեւորեց ներկայ երիտասարդները եւ կոչ ըրաւ ազատ արտայայտելու միտքերը եւ իրականացնելու նախանշուած ծրագիրները։ Ան նշեց, որ եկեղեցին ամբողջական ծառայութիւն կը պահանջէ, հետեւաբար պէտք է ըլլալ ոչ թէ եկեղեցւոյ կողքին, այլ եկեղեցւոյ մէջ։ Ան ըսաւ, թէ ՀԵՀԵՄ-ը իւրատեսակ կամուրջ պէտք է դառնայ Հայրենիքի եւ սփիւռքի յարարբերութիւններուն մէջ, եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդը պէտք է առաջնորդուի ազգային արժէքներով ու գաղափարներով, առաջ տանելով նաեւ Աստծոյ խօսքի քարոզչութիւնը։
Այնուհետեւ ներկաները ողջունեցին եւ յաջող ընթացք մաղթեցին նաեւ Տաթեւ Սրբազանը, ինչպէս նաեւ Սերովբէ Սրբազանը, որոնք Փրակա ժամանած էին Պրիւքսէլէն, ուր ղեկավարած էին ՀԵՀԵՄ շրջանային այլ ֆորումի աշխատանքները։
Փրակայի ֆորումի կազմակերպչական պատասխանատու, Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւճեան նաեւ ողջունեց ներկաները։
Այնուհետեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման՝ ՀԵՀԵՄ հոգեւոր տեսուչ, Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն՝ Հոգեշնորհ Տէր Թովմա վրդ․ Խաչատրեան ներկայացուց կառոյցի ծրագիրներն ու կազմակերպչական աշխատանքներու ընթացքը, որուն յաջորդեց գրասենեակի ծրագիրներու պատասխանատու՝ Անկելինա Ալեքսանեանի առցանց ելոյթը Հայաստանէն։ Վերջինս ներկայացուց երիտասարդութեան ընելիքները, երիտասարդական աշխատանքի էութիւնը, նպատակներն ու խնդիրները։
Ֆորումի յաջորդ նիստին հինգ սեղաններու շուրջ հաւաքուած 40 երիտասարդները սկսան քննարկումները օրակարգին վրայ նշուած հարցերուն շուրջ։ Յաջորդ օր անոնք կ'ամփոփուին եւ կը ներկայացուին արդիւնքները։
Մարտի 6-ին ժամը 13-ին, Փրակայի Սուրբ Հոգի եկեղեցին հայ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ տեղի կ'ունենայ ժամերգութիւն։
Լուրը ՝«Օրեր» կայքէն: