image

Գերշ. Տ. Յովնան արք.ի այցը՝ Վիքթորվիլի հայկական համայնք

Գերշ. Տ. Յովնան արք.ի այցը՝ Վիքթորվիլի հայկական համայնք

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն մը տուած է Վիքթորվիլի հայկական համայնք։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական լրատուէն, ուրկէ ալ քաղած են ստորեւ տրուած լրատւութիւնը։

Սոյն թուականի մարտ 15-ին Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանը, ուղեցկցութեամբ՝ Արժանապատիւ Նժդեհ Քհն․ Քէշիշեանի, այցելեց Վիքթորվիլի հայ համայնք։ Եկեղեցւոյ մուտքին Սրբազան Հայրը դիմաւորելու ելան Վիքթորվիլի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ․ Վաչէ Քհն․ Հայրապետեանը, Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Վարուժան Թագուորեանը եւ ծուխի այլ անդամներ,որոնք, բարիգալստեան խօսքերով ընդունելով յարգելի հիւրերը, առաջնորդեցին անոնց դէպի եկեղեցի։

Եկեղեցւոյ մէջ արդէն հաւաքուած էին տեղի բարեպաշտ հաւատցեալները եւ ուրախութեամբ կը սպասէին սիրելի Սրբազան Հօրը։ Սրբազան Հայրը նախ ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսք յղեց ներկաներուն՝ գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւի, ապա անդրադարձաւ Մեծ պահքի գեղեցիկ ընթացքին։ Յաջորդիւ, կատարուեցաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան Ժամերգութիւն։

Ժամերգութեան աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան ընթրիքի հիւրասիրութեան։ Համայնքի շնորհալի կանայք պահքային կերակուրներու հարուստ տեսականի պատրաստած էին բոլոր ներկաներու համար։ Յընթացս հիւրասիրութեան ողջոյնի եւ որդիական երախտագիտութեան խօսքով հանդէս եկան Տ․ Վաչէ Քհն․ Հայրապետեանը, Տիար Վարուժան Թագուորեանը եւ այլ հաւատացեալներ։ Ապա իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թէ Վիքթորվիլի հոգեւոր Հովուին, թէ ատենապետին ու Ծխական Խորհուրդին եւ թէ բոլոր հաւատացեալներուն։

Ընթրիքէն ետք Ծխական Խորհուրդի մասնաւոր ժողով գումարուեցաւ՝ Նախագահութեամբ Յովնան Սրբազանի։ Յընթացս ժողովի թէ Հոգեւոր Հովիւը եւ թէ Խորհուրդի անդամները եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր՝ իրենց փոքրիկ համայնքի հանդէպ Սրբազան Հօր ցուցաբերած հայրական խնամքի եւ սիրոյ համար։ Ապա Սրբազան Հօր ներկայացուեցան համայնքային կեանքին վերաբերող բազում հարցեր, որոնք գտան նաեւ իրենց ակնկալելի եւ ոգեւորող պատասխանները։