image

Գերշ. Տ. Վահան արք. Յովհաննիսեան դէպի Երուսաղէմ

Գերշ. Տ. Վահան արք. Յովհաննիսեան դէպի Երուսաղէմ

 Յաջողութիւն կը մաղթենք մեզի համար սիրելի Սրբազան հօր, մաղթելով անոր նորանոր նուաճումներ եւ ուղիղ առաքելութիւն իր հոգեւոր ծառայութեան մէջ։

Բարձր կարգադրութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Վահան արք. Յովհաննիսեան այսու հետեւ իր ծառայութիւնը պիտի բերէ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռէն ներս։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական գրասենակին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեամբ։

Ցարդ չի նշուիր, որ Սրբազան Հայրը ինչ պաշտօն պիտի ստանձնէ Երուսաղէմի մէջ, բայց եւ այնպէս անոր վարչարարական կարողութիւնները հաշուի առնելով չի բացառուիր, որ ան ստանձնէ ազդեցիկ պաշտօն մը։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Անգլիոյ ու ապա Ֆրանսայի հայոց թեմերը ձեռնհասօրէն հովուած Սրբազան հայրը նոյնպէս եղած է անդամը Մայր Աթոռի Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդին։

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեզի սիրելի Սրբազան հօր, մաղթելով անոր նորանոր նուաճումներ եւ ուղիղ առաքելութիւն իր հոգեւոր ծառայութեան մէջ։