image

Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Սուրբ Պատարագ մատոյց՝ Երուսաղէմի մէջ

 Գերշ. Տ. Բաբգէն   արք. Սուրբ Պատարագ  մատոյց՝ Երուսաղէմի մէջ

Ուխտագնացներու խումբով Սուրբ Քաղաք՝ Երուսաղէմ գտնուող Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան, օրերս Սուրբ Պատարագ մատուցած է։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Գանատայի Հայոց Թեմի դիմատետրեան էջէն։

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Կիրակի, 16 Ապրիլ 2023-ին, Սուրբ Յարութեան Հրաշափառ Տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանին վրայ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։

 

 Նշենք, որ բնիկ Պէյրութէն Գերշ. Տ. Բաբգէն Չարեան արք.ը երկար ամեակներ ծառայութիւն մատուցած է Պարսկաստանի թեմէն ներս ու վերջին ամեակներուն ան ձեռնհասօրէն կը վարէ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան պաշտօնը։

Բարի առաքելութիւն Սրբազան Հօր։