ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան այցելած է Այրուածքաբանութեան կեդրոն գտնուող Գեղարքունիքի զօրամասի հրդեհէն տուժած զինծառայողներուն։
Այս մասին «Հայկական ժամանակ»-ին տեղեկացուցած է ԱԺ նախագահի խօսնակը։
ԱԺ նախագահին ուղեկցած է առողջապահութեան փոխնախարար Արմէն Նազարեանը։
Բժիշկները Սիմոնեանին տեղեկացուցած են, որ 2 զինուորներու վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր, մէկունը՝ ծանր։ Սիմոնեան հիւանդանոցին մէջ զրուցած է նաեւ այրուածքներ ստացած զինուորներէն մէկու ծնողներու հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու որեւէ հարցով։