2 Յունիսին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզին մէջ: Ժամը 21:00-ի սահմաններուն MAN մակնիշի մարդատար կառքը Երեւան Գառնի ճանապարհի՝ ժողովուրդին յայտնի Ջրվէժի գերեզմաններու տարածքին, դեռ այայտ հանգամանքներու մէջ, դուրս եկած է երթեւեկելի գօտիէն, բախած է քանի մը շիրմաքարերու եւ յայտնուած գերեզմանոցի տարածքին մէջ:
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ վթարի հետեւանքով 1 հոգի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Դէպքի վայր հաւաքուածները յայտնած են, որ կառքին մէջ եղած է 28 երեխայ, որոնք կը սորվին Գառնիի միջնակարգ դպրոցի 6-րդ դասարանը եւ Աշտարակի ձորէն կը վերադառնային Գառնի, երբ նշուած վայրին մէջ տեղի ունեցած է վթարը:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ երեխաները չեն տուժած, սակայն բժիշկները բուժզննման կ'ենթարկեն:
Վթարի փաստով Աբովեանի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է վարոյթ: Պարեկային ծառայութիւնն ու քննչական բաժինը կը պարզեն հիւանդանոց տեղափոխուած վարորդի ինքնութիւնը: