Դժուարին ու անորոշութիւններով լեցուն հայկական առօրեային մէջ իւրաքանչիւր ամուսնութեան լուր, իւրաքանչիւր հայկական օճախի կազմութիւն դրական յոյս մը ներշնչէ բոլորիս, յատկապէս որ զոյգերը հասակ առած են հայկական միջավայրի մէջ եւ իրենց համար բնականաբար մեծագոյն օրակարգ պիտի շարունակէ մնալ կազմել ու պահպանել հայկական ոգիով ապրող ու աճող ընտանեկան յարկ մը։
Ուրախ լուր ստացանք Գանատայի հայաշատ Թորոնթո քաղաքէն։
Օրերս պէյրութահայ արմատներով Ռաֆֆի Չէրչեան եւ Զանի-Սօսէ Բորբոսեան պսակուած են ուրախութեան մթնոլորտ մը պարգեւելով իրենց մեծ ու փոքր ընտանիքներուն։
Ուշագրաւն այն է, որ անոնք Գանատա փոխադրուած են Պէյրութէն եւ իրենց կեանքը շարունակած հայկական շունչով օժտուած համայնքի կառոյցներուն մէջ։
Դժուարին ու անորոշութիւններով լեցուն հայկական առօրեային մէջ իւրաքանչիւր ամուսնութեան լուր, իւրաքանչիւր հայկական օճախի կազմութիւն դրական յոյս մը ներշնչէ բոլորիս, յատկապէս որ զոյգերը հասակ առած են հայկական միջավայրի մէջ եւ իրենց համար բնականաբար մեծագոյն օրակարգ պիտի շարունակէ մնալ կազմել ու պահպանել հայկական ոգիով ապրող ու աճող ընտանեկան յարկ մը։
Շնորհաւորութիւններ։