image

Գանատահայ Դաշնակցական պատանիներու բանակումը՝ Վանաձորի մէջ

Գանատահայ Դաշնակցական պատանիներու բանակումը՝ Վանաձորի մէջ

2011 թուականին, Վանաձոր քաղաքին մէջ կայացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) պատանեկան առաջին ճամբարը: Յաջորդող տարիներուն ճամբարի ծրագիրը շարունակուեցաւ, որպէս ԳԵՄ-ի հայրենի ծրագիր։

Այս ճամբարներուն ծրագիրները կ’ընդգրկեն Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի պատմութիւն, Արցախի Ազատագրական Պայքարի պատմութիւն, հայրենասիրական երգերու ուսուցում, անգլերէնի եւ համակարգիչի դասընթացքներ, մարմնակրթական եւ ուսուցողական խաղեր:

Այս տարի, որպէս վարիչ ճամբարին կը մասնակցին Գանատայի Երիտասարդական Միութենէն 10 անդամներ, որոնք հայրենի նորահաս սերունդը ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծելու յանձնառութիւնը ստանձնած՝ կը գտնուին հայրենիք: Ճամբարին կը մասնակցին 200 պատանիներ։

Անցնող տարիներուն, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականի անդամ աւելի քան հարիւր պատասխանատու-վարիչներ գործուղուած են Լոռիի մարզ եւ նոյն այդ ժամանակահատուածին երկու հազար երեխաներ մասնակից դարձած են ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ամառնային ճամաբարներու ծրագիրներուն։

 

Լուրի աղբիւրը՝ «Հորիզոն»