image

Պայթում «Յաղթանակ» զբօսայգիին մօտ. Կան տուժածներ

Պայթում «Յաղթանակ» զբօսայգիին մօտ. Կան տուժածներ

21 հոկտեմբերին, արտակարգ դէպք  տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 17:50-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 9-11 ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ գործող կիսաբացօթեայ սրճարաններէն մէկուն մէջ պայթում տեղի ունեցած է եւ կան տուժածներ: Յայտնած  է shamshyan.com:

Նմանատիպ ահազանգ ալ ստացուած է ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան օփերաթիւ կառավարման կեդրոն:

Նշուած վայր ժամանած Երեւանի 1-03 շտապ օգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբերը 3 հոգիի նախ տեղւոյն վրայ առաջին օգնութիւն ցուցաբերած են, ապա փոխադրած 2-ը՝ Հերացիի անուան թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց, իսկ միւսը՝ «Արմենիա» բժշկական կեդրոն: Տարածքը պարեկները սահմանազատած են :

Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ կիսաբացօթեայ սրճարանի խոհանոցային եւ արտաքնոցի հատուածին մէջ տեղի ունեցած է պայթում եւ փլուզում: Առաստաղէն մաս մը փուլ եկած է, պատուհաններ կտրուած են եւ գոյքէն մաս մը վնասուած: Տարածքը կազաւորուած չէ, ինչ որ թոյլ տուած է ենթադրել, որ պայթումը կազէն չէ առաջացած:

Ժամանած են նաեւ ոստիկանութեան Քանաքեռ-Զէյթունի բաժինի հերթապահ խումբը: Ոստիկանութիւնը պարզած է վիրաւորներու ինքնութիւնը: