image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը այսօր պիտի ժամանէ Հայաստան

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը այսօր պիտի ժամանէ Հայաստան

Փետրուար 22-23-ը այցով Հայաստան պիտի գտնուի Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիան Լեքորնիւն։ Այս մասին յայտնած է lefigaro.fr-ն:

Սա պիտի ըլլայ Ֆրանսայի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարի առաջին այցը Հայաստան։ Միեւնոյն ժամանակ, այցի հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ «պաշտպանութեան հարցերով երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը»։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ պայմանագիր կնքուած է Հայաստանի կողմէ ֆրանսական ռատարներու ձեռքբերման համար։ Բացի այդ, երկիրները երկխօսութիւն կը վարեն Հայաստանին ֆրանսական հրետանային եւ հրթիռային համակարգեր մատակարարելու հնարաւորութեան շուրջ։