Ֆրանսայի մայրաքաղաք՝ Փարիզի մէջ քաղաքացիները կրկին բողոքած են առողջապահական անցաթուղթ ունենալու իշխանութիւններու որոշման դէմ: ԹԱՍՍ գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ 14 Օգոստոսին նախատեսուած հերթական բողոքի ցոյցերու ընթացքին ամենաքիչը 1600 ոստիկան կը հետեւի կարգ ու կանոնին:
Ըստ կանխատեսումներուն՝ այս անգամ Փարիզի բողոքի ցոյցերուն կը մասնակցի մինչեւ 20 հազար մարդ: Մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած է 3 խոշոր հաւաք: Ընդհանուր առմամբ, Ֆրանսայի մէջ նախատեսուած է 200 հաւաք, որուն կրնան մասնակցիլ մինչեւ 250 հազար մարդ:
Առողջապահական անցաթուղթի, ինչպէս նաեւ պարտադիր պատուաստումներու դէմ առաջին բողոքի հաւաքը եղած է 17 Յուլիսին, որուն մասնակցած է 114 հազար մարդ ամբողջ Ֆրանսայի մէջ: Ամէն շաբաթ կատարուող հաւաքի մասնակիցներուն թիւը կ'աւելնայ: Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով 7 Օգոստոսի ցոյցին մասնակցած է 237 հազար մարդ:
9 Օգոստոսէն սկսեալ, Ֆրանսայի մէջ պարտադիր դարձած է առողջապահական անցաթուղթը: Ատիկա ունենալու պարագային միայն քաղաքացին կրնայ ճամբորդել օդանաւերով կամ գնացքներով, ինչպէս նաեւ այցելել ճաշարան, խոշոր առեւտուրի կեդրոն, կինոթատրոն, համերգասրահ եւ այլ հանրային վայրեր: