Ֆրանսան «յստակ նախազգուշացուցած է «Հըզպալլա»-ն, որ չմիջամտէ Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ կռուին. այս մասին Իսրայէլի մէջ յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, գրած է timesofisrael.com-ը։
Մաքրոն աւելցուցած է, որ Ֆրանսան «այլ հնարաւոր ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք կ՚ուզեն միանալ այս գործողութեան, նախազգուշացուցած է, որ չմտնեն կռուի մէջ»: Մաքրոնի խօսքով՝ Ֆրանսան «յստակ նախազգուշացուցած է «Հըզպալլա»ն ուղիղ հաղորդագրութիւններով»:
Մինչդեռ Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկը, Երուսաղէմի մէջ հիւրընկալելով Ֆրանսայի նախագահը, ըսած է, որ Իսրայէլը «պարտաւոր է ոչնչացնել իր թշնամիները»։
Հերցոկը նաեւ զգուշացուցած է, որ Իրանը «կրակի հետ կը խաղայ» Լիբանանի մէջ, գրած է timesofisrael.com-ը։
«Եթէ «Հըզպալլա» մեզ պատերազմի մէջ ներքաշէ, ապա պարզ է, որ Լիբանանը պիտի վճարէ ատոր գինը», - ըսած է Հերցոկը:
Մաքրոն իր հերթին ըսած է, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները պէտք է հարուածել, բայց Իսրայէլը պէտք է «թիրախային գործողութիւններ» իրականացնէ։