 
                    Ֆրանսան կը նախատեսէ մօտ 2000 զինուորէ բաղկացած զօրախումբ տեղակայել Ուքրանիոյ մէջ՝ հաղորդած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը։
«Կազմաւորման հիմքը պիտի ըլլան ֆրանսական արտասահմանեան լեկէոնի յարձակողական ուժերը, հիմնական Լատինական Ամերիկայի երկիրներէն»,- պարզաբանած է հետախուզական ծառայութիւնը։
Աղբիւրի տուեալներով՝ զօրքերը արդէն տեղակայուած են Լեհաստանի՝ Ուքրանիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ, ուր անոնք կ'անցնին մարտական պատրաստութիւն։ Զօրակազմին մէջ պիտի ըլլան ինչպէս շարքային զինուորներ, այնպէս ալ՝ սպաներ։
Հետախուզական ծառայութիւնը աւելցուցած է, որ Ֆրանսան արագօրէն կը ստեղծէ լրացուցիչ հիւանդանոցային մահճակալներ՝ վիրաւորները տեղաւորելու համար, եւ որ բժիշկները յատուկ պատրաստութիւն կ'անցնին դաշտային պայմաններու մէջ աշխատելու համար։
Ֆրանսայի կառավարութիւնը դեռ չէ արձագանգած Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան այս յայտարարութեան:
Ծառայութիւնը յիշեցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ Ուքրանիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու զօրքերու տեղակայման ցանկացած սենար անընդունելի է Մոսկուայի համար եւ կրնայ յանգեցնել իրադրութեան կտրուկ սրման: Գերատեսչութիւնը զօրախումբ ուղարկելու մասին յայտարարութիւնները որակած է որպէս ռազմական գործողութիւնները շարունակելու հրահրում։