image

Ֆրանսան ԵՄ-էն դո՞ւրս պիտի գայ

Ֆրանսան ԵՄ-էն դո՞ւրս պիտի գայ

Սակայն իր վերջին ընտրական ձախողումէն յետոյ Ֆրանսայի նախագահը կրնայ ստիպուած ըլլալ տեղի տալ Frexit-ի ճնշման եւ արտահերթ հանրաքուէ նշանակել:

 

Խորհրդարանին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կուսակցութեան խմբակցութեան կրճատումը մեծցուցած է երկրին մէջ Եւրոմիութենէն դուրս գալու հանրաքուէի հաւանականութիւնը, որ դրական արդիւնք պիտի ունենայ անոր կազմակերպիչներուն համար:

Անցեալ ամսուան ընտրութիւններուն Մաքրոնի «Միասին» դաշինքը կորսնցուց խորհրդարանին մէջ 44 մանտաթ եւ անով իսկ կորսնցուց մեծամասնութիւնը: Նախագահին մէկ այլ հարուած էր ընդդիմութեան չափազանց յաջող արդիւնքները` աջակողմեան Մարին Լը Փենի եւ ձախակողմեան Ժան-Լիւք Մելանշոնի մրցանշային ցուցանիշները:

Այժմ Ֆրանսայի ղեկավարը պէտք է դաշինք կազմէ կամ փոքրամասնութեան կառավարութիւն ձեւաւորէ, ինչ որ կը նշանակէ ընդդիմութեան հետ ամէն օրինագիծի շուրջ բանակցելու անհրաժեշտութիւն: Եթէ Մաքրոնը չկարենայ լուծել այս խնդիրը եւս, ապա անոր կը սպասէ «մղձաւանջային հեռանկար»` արտահերթ ընտրութիւններ:

Սակայն իր վերջին ընտրական ձախողումէն յետոյ Ֆրանսայի նախագահը կրնայ ստիպուած ըլլալ տեղի տալ Frexit-ի ճնշման եւ արտահերթ հանրաքուէ նշանակել: