image

Ֆրանսահայ Փափազեան դատական հայց բացած է ՀՀ ԱԱԾ-ին դէմ

Ֆրանսահայ Փափազեան դատական հայց բացած է ՀՀ ԱԱԾ-ին դէմ

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան հայց ներկայացուցած ՀՀ վարչական դատարան՝ ընդդէմ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ պահանջով՝ պարտաւորեցնել ԱԱԾ-ին հանիլ ՀՀ տարածքին մէջ անցանկալի համարուող օտարերկրացիներու տուեալներու մատեանէն Փափազեանի տուեալները։

Այս մասին կը տեղեկանանք Դատական տեղեկատուական համակարգէն։

Գործը մակագրուած է դատաւոր Հրաչ Այվազեանին, հայցադիմումն ընդունուած է վարոյթ։

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանն ընտանիքի հետ 14 յուլիսին ժամանած էր Հայաստան, սակայն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ԱԱԾ աշխատակիցներն արգիլած էին Փափազեանի մուտքը Հայաստան՝ պատճառաբանելով, թէ ինք անցանկալի անձ է Հայաստանի համար։ Մուրատ Փափազեանը ստիպուած եղած է ընտանիքի հետ վերադառնալ Ֆրանսա։: