Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Էրիք Զեմուրի վրայ նախընտրական առաջին հանրահաւաքին ժամանակ յարձակում գործած են։ Դէպքը տեղի ունեցած է Փարիզի Վիլպենտ արուարձանին մէջ։
Զեմուրը թիկնապահներու եւ լրագրողներու ուղեկցութեամբ կը բարձրանար թրիպիւն, երբ բազմութեան մէջէն մարդ մը յարձակած է, ձեռքերով բռնած թեկնածուին գլուխը ու փրոձած է զայն գետին տապալել։ Անվտանգութեան աշխատակիցներուն միջամտութեամբ յարձակողը վնասազերծուած է։ Կանխամտածուած բռնութեան համար ան կալանքի տակ է առնվել։
Իր թեկնածութեան առաջադրման մասին Զեմուրը յայտնած էր Նոյեմբեր 30-ին։ Լրագրողը ծայրայեղական աջ հայեացքներու կողմնակից է եւ հանդէս կու գայ գաղթականները իրենց հայրենիք վերադարձնելու օգտին։ Ան կոչ ըրած է արտաքսել 2 միլիոն օտարերկրացիները։ Զեմուրը երկու անգամ մեղաւոր ճանչցուած է ցեղային եւ միջկրօնական ատելութեան հրահրման մէջ։