image

Forbes-էն դրական արձագանգ «Խոսրովի անտառ» արգելոցին մասին

 Forbes-էն դրական արձագանգ «Խոսրովի անտառ» արգելոցին մասին

«Խոսրովի անտառ» պետական ​​արգելոցը եւ «Դիլիջան» ազգային փարքը ներառուած են Forbes-ի՝ Կովկասի բնութեան հրաշքներու ցանկին մէջ։

Ինչպէս նշուած է յօդուածին մէջ, ողջ Կովկասեան լեռներուն մէջ բացօթեայ արկածներու եւ էքո-զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններու պակաս չկայ, որոնցմէ կարելի է օգտուիլ այս առասպելական տարածաշրջան այցելելու ընթացքին:

Յայտնի է, որ առաջին ազգային փարքը ստեղծուած է 1872 թուականին. Իսկ Հայաստանի «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցը մօտ 1500 տարիով աւելի հին է Եէլոուսթոնէն։

Յօդուածի հեղինակն ըսած է, որ արգելոցը հարուստ է բուսական ու կենդանական աշխարհով։

«Գորշ գայլերը, եւրասիական լուսանը եւ շագանակագոյն արջերը կը շրջին այգիին մէջ, եւ յաջողակ այցելուները կրնան տեսնել Հայաստանի մէջ ապրող պարսկական ընձառիւծներ», - նշուած է հրապարակման մէջ։

Առանձին յիշատակուած է նաեւ «Դիլիջան» ազգային փարքը, որ իր մէջ կը ներառէ ընդարձակ անտառներ, տեղական կենդանական աշխարհ եւ դարաւոր կառոյցներ՝ Հայաստանի սրտին մէջ։ Հակառակ անոր, որ տարածաշրջանը լի է հայկական տիպիկ կաթնասուններով, թռչուններով եւ երկկենցաղներով, զբօսաշրջութեան ամենանշանաւոր գրաւչութիւններէն մէկը այնուամենայնիւ տեղի բնակիչներն են: Դիլիջանի մէջ կը գտնուին շարք մը պատմական կրօնական շինութիւններ, այդ շարքին՝ Հաղարծին վանքը, ինչպէս նաեւ Գօշավանքը՝ 800 տարի առաջ կառուցուած հսկայական համալիրը: