Եւրոյանձնաժողովը եւ Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելը Վրաստանին կոչ ըրած են հետաքննելու հոկտեմբեր 26-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն գրանցուած խախտումները, բացայայտելու եւ վերացնելու զանոնք: Այս մասին ըսուած է Եւրոյանձնաժողովի եւ Պորելի համատեղ յայտարարութեան մէջ։
Այնտեղ նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ուշադիր հետեւած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախորդող զարգացումներուն, եւ Վրաստանի ժողովուրդը վերջին ամիսներուն ցոյց տուած է իր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական արժէքներուն եւ երկրի ուղիին դէպի Եւրոպական Միութիւն։
Յայտարարութիւնը կը վերաբերի ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) գլխաւորած ընտրութիւններու միջազգային դիտորդական առաքելութեան նախնական արդիւնքներուն:
«Ընտրութիւններու օրը, ընդհանուր առմամբ, ընթացակարգային առումով լաւ կազմակերպուած էր եւ կարգին անցած է, բայց նշանաւորուած է լարուածութեամբ՝ քուէարկութեան գաղտնիութեան վերաբերեալ յաճախակի փոխզիջումներով եւ շարք մը ընթացակարգային անհամապատասխանութիւններով, ինչպէս նաեւ ընտրողներու ահաբեկման եւ ճնշման մասին հաղորդումներով, որոնք բացասաբար ազդած են գործընթացի նկատմամբ հանրային վստահութեան վրայ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Եւրոյանձնաժողովը եւ Պորելը յիշեցուցած են, որ ընտրութիւններու դիտորդները զեկուցած են անհաւասար մրցակցային դաշտի, բեւեռացուած մթնոլորտի մէջ քարոզարշաւի կայացման եւ ընտրական գործընթացի վրայ վերջին օրէնսդրական փոփոխութիւններու ազդեցութեան վերաբերեալ զգալի մտահոգութիւններու մասին:
«Մենք կոչ կ՚ընենք Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին եւ այլ համապատասխան մարմիններուն կատարելու իրենց պարտականութիւնը՝ արագ, թափանցիկ եւ անկախ հետաքննելու ընտրախախտումները եւ մեղադրանքները: Այդ խախտումները պէտք է բացայայտուին եւ շտկուին։ Սա անհրաժեշտ քայլ է ընտրական գործընթացի նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու համար»,- ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։
Բացի այդ, յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը անհամբեր կը սպասէ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի վերջնական զեկոյցին եւ առաջարկութիւններուն, որոնք պէտք է իրականացուին հնարաւորինս արագ։