Դիւանագէտները Եւրոպայի սահմաններուն ճեղքուած պետութիւնները կը մատնանշեն որպէս տարածքներ, ուր ԵՄ-ն պէտք է խաղաղապահներ ուղարկէ կամ տարհանէ քաղաքայինները: ԵՄ արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան նախարարները Երկուշաբթի օր պիտի քննարկեն այդ հարցը՝ նպատակ ունենալով Մարտին համաձայնիլ վերջնական քաղաքականութեան փաստաթուղթի շուրջ։
Ըստ «Ռոյթըրզ» գործակալութեան ձեռք բերած նախագիծին, Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ժոզեփ Պորել կը միտի զգուշացնել Միութիւնը յաւակնոտ սկզբունքի շուրջ համաձայնելու անհրաժեշտութեան մասին, որ պիտի կազմէ արտերկրի մէջ համատեղ ռազմական գործողութիւններու հիմք, ներառելով ճգնաժամերը կարգաւորող ուժ, որ կարելի է տեղակայել:
Պորելը եւրոպացի գործընկերներուն պիտի ներկայացնէ այս «ռազմավարական կողմնացոյցի» առաջին նախագիծը, որ ամենամօտն է Եւրոմիութեան որդեգրելիք ռազմական սկզբունքին, ինչպէս նաեւ նման է ՆԱԹՕ-ի «ռազմավարական հայեցակարգին», որ կը սահմանէ դաշինքին նպատակները:
Նախնական նախագիծին համաձայն՝ ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուն պիտի ըսէ, որ «Եւրոպան վտանգի տակ է»։ Ան պիտի շեշտէ, որ ԱՄՆ-ի գլխաւորած ՆԱԹՕ-ն կը մնայ Եւրոպայի ընդհանուր պաշտպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն։
Չնայած եւրոպական երկիրները ունին բարձր պատրաստուածութեամբ զինուորներ, ռազմածովային եւ օդային ուժեր, միջոցները կը կրկնապատկուին 27 բանակներու ճամբով, եւ ԵՄ ուսուցման եւ օգնութեան առաքելութիւնները չափով համեստ են: Ինչպէս նաեւ ԵՄ անդամ երկիրները չունին Միացեալ Նահանգներու նիւթատեխնիկական, հրամանատարական եւ վերահսկման հնարաւորութիւնները, նաեւ անոնք չեն կրնար զուգահեռ ընթանալ անոնց հետախուզութեան հաւաքագրման հարցին մէջ:
Սպառնալիքի առանձին գնահատականը դասակարգուած է, սակայն դիւանագէտները Եւրոպայի սահմաններուն ճեղքուած պետութիւնները կը մատնանշեն որպէս տարածքներ, ուր ԵՄ-ն պէտք է խաղաղապահներ ուղարկէ կամ տարհանէ քաղաքայինները: ԵՄ արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան նախարարները Երկուշաբթի օր պիտի քննարկեն այդ հարցը՝ նպատակ ունենալով Մարտին համաձայնիլ վերջնական քաղաքականութեան փաստաթուղթի շուրջ։
Անցեալ ամիս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ յայտարարութեան մէջ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի օրհնութիւնը ստանալով, Եւրոմիութիւնը կը համարէ որ աւելի օգտակար դաշնակից կրնայ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու համար, եթէ ան ինքնուրոյն ռազմական հնարաւորութիւններ զարգացնէ:
Չնայած Brexit-ը զրկեց ԵՄ-ն ռազմական հզօրութենէ, սակայն Փարիզին հնարաւորութիւն տուաւ յառաջ մղելու իր յաւակնութիւնները՝ Պերլինի հետ աւելի մեծ դեր ստանձնելու ԵՄ պաշտպանութեան գործին մէջ:
Դիւանագէտները կ'ըսեն, որ կան բազմաթիւ նախազգուշացման նշաններ, այդ շարքին՝ ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի «Նախ՝ Ամերիկան» քաղաքականութիւնը, որ խարխլեց ԵՄ-ի առաջնահերթութիւնները:
Նախատեսուած է, որ Պորել ըսէ, որ ռազմավարական կողմնացոյցը ԵՄ-ի հերթական սովորական փաստաթուղթը չէ, նշում կատարելով պաշտպանութեան ոլորտին մէջ անցեալի ձախողումներուն:
«Այս անգամ տարբերութիւնը աշխարհաքաղաքական նկատառումներով փոփոխութեան արագութեան մէջ կը կայանայ, որ աւելի հրատապ կը դարձնէ գործողութիւնները», ըսաւ Պորելը` ներկայացնելով նախագիծը: