 
                    Եւրոմիութիւնը կ՚աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող դրական քայլերուն, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան ապրանքներու տարանցման բոլոր սահմանափակումներու վերացման, յայտարարած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոն։
«Ժընեւի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խօսնակներու հանդիպումը ոգեշնչող է։ Եւրոպական Միութիւնը կ՚ողջունէ Շիրակ-Կարս երկաթուղային գիծի վերականգնման վերաբերեալ Հայաստան-Թուրքիա հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները», -ըսած է Կրոնոն։
Ան նշած է, որ Երեւանի մէջ կը նախատեսուին կլոր սեղաններ քաղաքացիական հասարակութեան փորձագէտներու հետ եւ յայտնած Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը աջակցելու երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդմանն ուղղուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն եւ լրացուցիչ միջոցառումներուն: