Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն քննադատած է Հայաստան կարիքներու գնահատման առաքելութիւն ուղարկելու ԵԱՀԿ որոշումը, գրած է Anadolu-ն։
Ելոյթ ունենալով Մերսին նահանգի մէջ՝ Չաւուշօղլուն նշած է, որ ԵԱՀԿ-ը ինքզինք «անլուծելի խնդիրներու կեդրոն» հռչակած է, իսկ Հայաստանի վերաբերեալ վերջին որոշումը կը հակասէ կազմակերպութեան պահանջներուն ու մանթատին։
«Սեփական դիրքորոշումը պարտադրելու փորձը եւ ստատուս քոյի ձեւաւորումը անընդունելի է»,-նշած է ան։
Ան յիշեցուցած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան շուրջ ԵԱՀԿ երկարամեայ ձախողած միջնորդական ջանքերը։ «Տարիներու ընթացքին անոնք պարզապէս ձգձգեցին գործընթացը: Իսկ այսօր առաքելութիւն կամ դիտորդներ ուղարկելով կը փորձեն անտեսել Ատրպէյճանի դիրքորոշումը։ Հայաստանին աջակցելու ցանկութիւնը ակնյայտ է»,-ընդգծած է Չաւուշօղլուն։
Անոր խօսքով՝ ԵՄ-ի մէջ ալ առանձնայատուկ անկեղծութիւն չկայ։
«ԵՄ-ն չի կատարեր համաձայնագրերու պայմանները»-յայտարարած է Չաւուշօղլուն։ Միաժամանակ Չաւուշօղլուն նշած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան ցանկացած դրական զարգացում դրական կ'ազդէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններուն վրայ։
«Ի վերջոյ, ամենաշատը կը շահի Եւրոպան»,-աւելցուցած է ան։
Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ առեւտուրի համար փոխադրային միջանցքի աճող նշանակութեան վրայ։