image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական խորհուրդը ի նպաստ Օսման Քաւալայի

Եւրոպական խորհուրդը ի նպաստ Օսման Քաւալայի

Եւրոպայի Խորհուրդը (ԵԽ) կողմ քուէարկած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ բանտարկուած բարերար՝ Օսման Քաւալայի իրաւունքներու ոտնահարման գործով վարոյթ սկսելուն, յայտնած է Euronews-ը։

Քաւալան աւելի քան չորս տարի է կը գտնուի ճաղերուն ետեւ, եւ թրքական դատարանները հրաժարած են կատարելէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) քանի մը որոշումներ զինք ազատ արձակելու վերաբերեալ։

Իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ գործ յարուցելու որոշումը ընդունուած է Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէի նիստին, որ պատասխանատու է ՄԻԵԴ-ի վճիռներու կատարման վերահսկման համար։

Գործընթացը սկսելու համար անհրաժեշտ է երկու երրորդի մեծամասնութիւնը: Քուէարկութեամբ Եւրոպայի խորհուրդի 47 անդամներէն 32-ը քուարկած են գործընթացը սկսելու օգտին՝ հեշտութեամբ ստանալով անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը:

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ նախարարներու կոմիտէն պէտք է «յարգէ եւ վստահի» Թուրքիոյ դատական ընթացակարգին։ «Մեր երկրին մէջ գործող դատական ընթացակարգերը յարգելու սկզբունքի համաձայն՝ մենք կ'առաջարկենք ԵԽ-ին ձեռնպահ մնալ այս որոշումը կայացնելէ, որ միջամտութիւն է անկախ դատական համակարգին»։

Նախարարութիւնը նշած է, որ ՄԻԵԴ-ի մեքենականութիւնները, որոնք ուժի մէջ մտած են «ոչ թէ իրաւական եւ արդարացի փոխըմբռնման համաձայն, այլ որոշակի երկիրներու դէմ քաղաքական նկատառումներով», կը վնասեն Եւրոպայի խորհուրդի հեղինակութեան։

Թրքական դատարանը անցեալ ուրբաթ որոշում կայացուցած է Քաւալան կալանքի տակ պահելու մասին։ Կը սպասուի, որ ան անազատութեան մէջ մնայ մինչեւ յաջորդ նիստ՝ 17 Յունուար:

2019-ի ՄԻԵԴ-ի վճիռով ըսուած է, որ մինչեւ դատավարութիւն, Քաւալան կալանքի տակ պահելով եւ հետապնդելով զայն իր իրաւապաշտպան գործունէութեան հիման վրայ, թրքական իշխանութիւնները «թաքնուած նպատակ հետապնդած էին, լռեցնել զինք որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպան»։

Իրաւախախտումներու խախտման մասին այսպիսի դատավարութիւն Խորհուրդի կողմէ օգտագործուած է Ատրպէյճանի դէմ միայն մէկ անգամ։ Ի վերջոյ, Ատրպէյճանը կատարած է ՄԻԵԴ-ի որոշումը: