image

Եւրոպական անվտանգութեան մէջ լաւագոյն ներդրումը Ուքրանիոյ անվտանգութեան մէջ ներդրումն է. Ֆոն տեր Լեյէն

Եւրոպական անվտանգութեան մէջ լաւագոյն ներդրումը Ուքրանիոյ անվտանգութեան մէջ ներդրումն է. Ֆոն տեր Լեյէն

Եւրոյանձնաժողովի ներկայիս ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէն իր նախընտրական ծրագրին մէջ մինչեւ 2029 թուականը կը խոստանայ շարունակել ռազմական աջակցութիւնը Ուքրանիոյ այնքան ժամանակ, քանի դեռ ատոր պահանջը կայ։

Եւրոխորհրդարանի անդամները հինգշաբթի օր Սթրասպուրկի մէջ պիտի քուէարկեն Ֆոն տեր Լեյէնի թեկնածութիւնը Եւրոյանձնաժողովի նոր ղեկավարի պաշտօնին։

«Եւրոպական անվտանգութեան մէջ լաւագոյն ներդրումը Ուքրանիոյ անվտանգութեան մէջ ներդրումն է, որ պէտք է շարունակուի այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է», -ըսուած է Ֆոն տեր Լեյէնի նախընտրական ծրագրին մէջ: