image

Եւլախի մէջ առաջին հանդիպում. Արդիւնքներուն մասին անյստակութիւն

Եւլախի մէջ առաջին հանդիպում. Արդիւնքներուն մասին անյստակութիւն

Եւլախի մէջ Արցախի պատուիրակութեան եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ հանդիպում

Եւլախի մէջ աւարտած է Ատրպէյճանի եւ Արցախի պատուիրակութիւններու հանդիպումը, յայտնած է ԱՊԱ-ն։

Յայտնի է, որ արցախեան կողմէն բանակցութիւններուն մեկնած էր Արցախի Ազգային Ժողովի «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեանը։

Ատրպէյճանական կողմը ներկայացուցած էր պատգամաւոր Ռամին Մամետովը, յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները: Մարտին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անոր նշանակած էր Արցախի հայ բնակիչներու հետ շփումներու գծով պատասխանատու: Յայտնի է, որ Մամետովը ծնած է Արցախի մէջ՝ Մարտակերտ քաղաքի մէջ:

 

Դեռ վերջնական պայմանաւորուածութիւն չկայ, պէտք է մանրամասները համաձայնեցուին. Արցախի ներկայացուցիչ

Եւլախի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք Արցախի ներկայացուցիչն ըսած է, որ Պաքուի հետ վերջնական պայմանաւորուածութիւն չկայ, մանրամասները պէտք է համաձայնեցուին: Այս մասին գրած է ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն:

Միեւնոյն ժամանակ, Ալիեւի ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի հայերու միջեւ բանակցութիւնները կրնան յանգեցնել խաղաղութեան պայմանագրի կնքման, որ վերջ կը դնէ հակամարտութեան։

Նշենք, որ Արցախի պատուիրակութիւնը Եւլախի մէջ ատրպէյճանական կողմի հետ բանակցութիւններու աւարտէն ետք վերադարձած է Ստեփանակերտ: Ատրպէյճանական հեռուստատեսութիւնը նշած է, որ բանակցութիւններէն ետք մամուլի ասուլիս նախատեսուած չէ, հնարաւոր է մամուլի հաղորդագրութեան հրապարակում: