image

Երուսաղէմի Պատրիարքարանը գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ է

Երուսաղէմի Պատրիարքարանը գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ է

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան Գոգչեանը տեղեկացուցած է, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը կը գտնուի իր 16-դարեայ պատմութեան ամենամեծ գոյութենական սպառնալիքի ներքոյ, եւ գոյութենական-տարածքային վտանգը լիովին կը տարածուի Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնէական համայնքներու վրայ։

Գոգչեանը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրած է, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը վերջերս չեղարկած է «Կովերու պարտէզի» խաբեբայութիւններով շաղախուած պայմանագիրը:

«Կառուցապատողները փոխանակ չեղարկման նամակին օրինական պատասխան տալու, ամբողջութեամբ անտեսած են Պատրիարքարանի իրաւական դիրքորոշումը այս հարցի վերաբերեալ՝ ընտրելով սադրանք, յարձակում, հալածանք, մինչեւ իսկ ոչնչացում հրահրող մարտավարութիւն՝ «Կովերու պարտէզ» բերելով զինուած վարձու սադրիչներ»,- գրած է Գոգչեանը։

Անոր տեղեկացմամբ՝ վերջին օրերուն Երուսաղեմի հայկական թաղամասի տարածքին «Կովերու պարտէզ» կայանատեղիի ասֆալտի ահռելի ոչնչացումն ու քանդումը իրականացուած է կառուցապատողներու կողմէ առանց քաղաքապետարանի եւ ոստիկանութեան արտօնութեան: Հակառակ այդ հանգամանքին՝ ոստիկանութիւնը վերջին քանի մը օրերու ընթացքին նախընտրած է Հայ համայնքի բոլոր անդամներէն պահանջել ազատե՛լ տարածքը:

«Մենք կոչ կ’ընենք Երուսաղէմի բոլոր Քրիստոնեայ համայնքներուն այս աննախադէպ ժամանակներուն նեցուկ ըլլալ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, քանի որ ասիկա եւս մէկ յստակ քայլ մըն է, ձեռնարկուած Երուսաղէմի եւ Սուրբ Երկրի մէջ Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը վտանգելու ուղղութեամբ»,- գրած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը։

Նշենք, որ Երուսաղէմի հին քաղաքի հայկական թաղամասի մէկ հատուած պատրիարքարանը 99 տարիով վարձակալութեան յանձնած էր իսրայէլեան ընկերութեան: Գործարքի հետեւանքով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մէջ ստեղծուած էր մտահոգիչ իրավիճակ: 

Երուսաղէմի հայկական համայնքը քանի մը բողոքի ցոյցեր կազմակերպած է՝ բողոքելով այդ գործարքի դէմ՝ այն անուանելով ապօրինի: Երեք կազմակերպութիւններ՝ «ՀՄԸՄ Երուսաղէմը», «Հայ երիտասարդաց միութիւն Երուսաղէմը» եւ «Բարեսիրաց միութիւնը», յայտարարութիւն տարածած էին՝ Հայոց պատրիարքին կոչ ընելով չեղարկելու «Կովերու պարտէզ» կալուածի գործարքը եւ առաջարկելով այդ հարցով համայնքի աջակցութիւնը։ Ի վերջոյ, նոյեմբեր 1-ին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը յայտնած էր, որ որոշում կայացուցած է չեղարկել «Կովերու պարտէզ»-ը վարձակայութեան տալու գործարքը։