image

Երուսաղէմի մէջ. 4 Միաբաններ Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճան ստացան

Երուսաղէմի մէջ. 4 Միաբաններ Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճան ստացան

Նախագահութեամբ եւ հրամանաւն Երուսաղէմի հայ Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանի միաբանութեան անդամ 4 միաբան հայրեր Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճան ստացած են։

 Նշենք, որ երկար տարիներէ ի վեր բացակայող այս աստիճանատւչութիւնը նոր յոյսի ապաւէն կը դառնայ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին եւ համայն սաղիմահայութեան համար։ 

Ի դէպ եղած աստիճանատւչութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուած է Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»ը, ուրկէ ալ կը մէջբերենք՝

 

Սուրբ Երկրի հայութեան տեսակէտէ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ, Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութիւն մը։ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան չորս արժէքաւոր անդամները այս առթիւ ծայրագոյն վարդապետութեան կոչում ստացան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։ Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, բազմաթիւ միաբաններ եւ սաղիմահայ հաւատացեալներ։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ծայրագոյն վարդապետի կոչում շնորհեց Սրբոց Յակոբեանց ուխտի անդամներէն՝ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեանին, Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեանին, Տ. Խաթ Վրդ. Ճունտուրեանին եւ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանին։ Այս չորս միաբան հայրերը արդէն դարձան ծայրագոյն վարդապետ եւ յառաջիկային իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն այդ կոչումով։