image

Երուսաղէմի ՀԵՄ-ին կազմակերպութեամբ. «Հարիսայի երեկոյ» (Լուսանկարներ)

Երուսաղէմի ՀԵՄ-ին կազմակերպութեամբ. «Հարիսայի երեկոյ» (Լուսանկարներ)

Օրերս Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵՄ) Կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է աւանդական «Հերիսայի երեկո»ն։

Այս երեկոն կը կազմակերպուի (ըստ Երուսաղէմեան օրացոյցին) Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հինգշաբթի, 14 Մարտ, 2024-ին Միութեանս Թէքէեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով աւանդական Հարիսաի երեկոյ։ 

Աւանդական Հայկական Հարիսաի պատրաստութիւնները սկսած էին արդեն մի գանի օրեր առաջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միութեան վարչական` ընկեր Յակոբ Ճռնազեանը ան հրաւիրեց Հոգշ. Տ. Գեղամ Վրդ. Զաքարեանը փոխանցելու բոլորին օրուայ խորհուրդը, իր խօսքի աւարտին սեղանի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ։ Աղօթքէն ետք բոլոր ներկաներուն Հարիսա հրամցուեցաւ, ապա տեղի ունեցաւ Պինկօի խաղ կազմակերպութեամբ` Երիտասարդուհիեաց Յանձնախումբի ։ Ներկայ էին նաեւ Սաղիմահայ բոլոր Միութիւններու ներկայացուցիչները ՀՄԸՄ, ՀՕՄ եւ ԵՀԲՄ-ի ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի վարչութեան ներկայացուցիչները։ 

Այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ընկեր Յակոբ Անդրէասեանին որ օգտակար եղաւ պատրաստելու Հարիսան Միութեանս անդամներուն հետ։

ՀԵՄը տարիներ շարունակ տօնական եւ ազգային օրերու առթիւ կազմակերպած է այսպիսի հաւաքոյթներ պահպանելու եւ զորացնելու համար հայկական աւանդութիւնները եւ մշակոյթը Երուսաղէմի մէջ։