image

«Երուսաղէմի հայկական համայնքը անմխիթար վիճակի մէջ է». Ռուսական «Ձկնորս» թելեկրամեան ալիք

«Երուսաղէմի հայկական համայնքը անմխիթար վիճակի մէջ է».  Ռուսական «Ձկնորս» թելեկրամեան ալիք

Վերջին շաբաթներուն Երուսաղէմի հայ համայնքը ահազանգ կը հնչեցնէ․ իսրայէլեան Xana Gardens ընկերութեան ներկայացուցիչները զինեալ մարդոց ուղեկցութեամբ կը փորձեն Հայոց պատրիարքարանէն խլել Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ գտնուող հողատարածքը։ Այս մասին գրած է «Рыбарь» («Ձկնորս») թելեկրամ ալիքը։

«Իրավիճակը բաւականին հետաքրքրական է. ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, վարձակալութեան պայմանագիրը հայկական սփիւռքի եւ իսրայէլցիներու միջեւ կնքուած է դեռ 2021 թուականին։ Յորդանանի  եւ Պաղեստինի ինքնավարութեան իշխանութիւնները որոշ ժամանակ անց սա որակեցին Իսրայէլի կողմէ հողեր զաւթելու փորձ։

Իսկ հոկտեմբերին Հայոց պատրիարքարանը նամակ ուղարկեց  Xana Gardens-ին՝ անօրինականութեան պատճառով գործարքը չեղարկելու մասին հաղորդագրութեամբ, որուն իսրայէլեան ընկերութեան ներկայացուցիչները հրաժարեցան պատասխանել։ Իսկ նոյեմբեր 5-ին կազմակերպութեան անդամները ժամանեցին եւ փորձեցին բռնի ուժով գրաւել տարածքը։

Նոյեմբեր 15-ին շինարարական սարքեր բերուեցաւ, այսպէս կոչուած, «Կովերու պարտէզ»ի տարածք, որու ճանապարհը արգելափակեցին աքթիւիսթները։ Յաջորդ օրը քանի մը բախումներ տեղի ունեցան ոստիկանութեան հետ, եւ համացանցի մէջ սկսաւ աշխուժ տեղեկատուական արշաւ՝ ի պաշտպանութիւն հայերու։

Պայմանաւորուածութիւն իսկապէս եղած է, բայց վերապահումներով, որոնք, ըստ երեւոյթին, ակնյայտ չեն եղած։ Ամենայն հաւանականութեամբ, հայերն իրենք իրենց հարուածի տակ դրած են, իսկ ամբողջ իրավիճակը ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ Երուսաղէմի հայ համայնքի անմխիթար վիճակը։

Իզուր չէ, որ Հայոց պատրիարքարանը սկսած է խօսիլ  գոյաբանական սպառնալիքի մասին։ Նայելով, թէ ինչ կը կատարուի Անդրկովկասի մէջ, ուր հայերը վերջնականապէս կորսնցուցած են իրենց ենթակայութիւնը Ղարաբաղի մէջ իրենց յենակէտը յանձնելէ ետք, սա, թերեւս, միայն սկիզբն է։

Ի հարկէ, տեղի ունեցողի տեղեկատուական աջակցութիւնը դժգոհութեան ալիք կ՚առաջացնէ, արեւմտեան երկիրները «մտահոգութիւն» կը յայտնեն քրիստոնեայ հայերու ճակատագրի վերաբերեալ։ Սակայն, ելլելով ղարաբաղեան իրադարձութիւններու փորձէն, այդքանով ալ ամէն ինչ կ՚աւարտի։ Իսրայէլացիները կը փորձեն աւարտին հասցնել գործը՝ նախ վերցնելով մէկ տարածք, իսկ յետոյ՝ ամբողջ շրջանը»,- գրած է «Рыбарь»-ը։